2014-08-27 09:37:36

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ` Ճշմարտութիւնը ըսելու դժուարութիւնը...


Դժուար է միշտ ՜՜Ճշմարտութիւնը՝՝ ըսել ....
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր փորձառութեան համաձայն գաղափար մը ունի ՜՜Ճշմարտութիւնը խօսելու դժուարութեան մասին՝՝:
Ոմանք կը դժուարանան ճշմարտութիւնը ըսել, երբ մանաւանդ իրենց անձին վնաս պիտի հասնի իրենց կողմէ կատարուած այդ «բացայայտումով»: Ուստի կը նախընտրեն «խոհեմ» ըլլալ եւ լուռ մնալ: Կան ուրիշներ նաեւ, որոնք կը նախընտրեն ճշմարտութիւնը թաքցնել, երբ իրենց հարազատներէն մէկուն կամ միւսին կեանքին սպառնացող վտանգ նախատեսեն:
Ճշմարտութիւնը յայտնելու առաքինի կեցուածքին ճիշդ հակառակն է ստախօսութիւնը, որ ո՛չ միայն ճշմարտութենէն հեռացումն է սոսկ, այլ՝ ատոր խեղաթիւրումն իսկ: Սուտը հնարելու վարպետները այնքան վտանգաւոր լարերու վրայէն կը քալեն, որ իրենց վար իյնալու անապահովութենէն բացի, ուրիշներու ալ անկումին պատճառ կը դառնան անգթաբար:
Ստախօսները կարելի է բաժնել ու վերածել խումբերու եւ տեսակներու.
ա. ծրագրուած ստախօսներ,
բ. սովորութենական ստախօսներ,
գ. պատահական ստախօսներ:
Առաջին խումբը ՜՜Ծրագրուած ստախօսները՝՝ ամէնէն աւելի վտանգաւորն է։
«Ծրագրուած ստախօսներ» ըսելով կը հասկնանք «սատանայէն աւելի կանուխ ծնած» մարդիկը: Սա է անոնց համար տրուած ժողովրդային կոչումը, այլապէս մենք մասնաւոր նոր անուն չտուինք: Ընկերային կեանքի վերիվայրումներու հեղինակներն են ասոնք, որոնց հիմնական նպատակը մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի մէջ դժուարութիւններ յարուցելն է, որուն համար ամէնէն «գործնական» ու «ազդու» միջոց իբրեւ անոնք կ՛օգտագործեն սուտը: Անոնք «Սատանայէն աւելի կանուխ ծնած» կը կոչուին , որովհետեւ չարի հօր նման կանխամտածուած քայլերով կը շարժին, իրենց մատնահետքերը չթողելու ճարտարութիւն ալ գործադրելով:
Կան Սովորութենական ստախօսները... անոնք պարզապէս իրենց վաղ տարիքին, իրենց մեծերէն՝ տան անդամներէն սորված վատ սովորութիւնն է որ կը կիրարկեն, անգիտակից հաճոյք ալ զգալով իրենց հնարած սուտերէն: Անոնք տեսակ մը յիմարներ են, որոնք թութակաբար կը շարունակեն չորս անգամ կրկնել իրենց խօսած մէկ սուտը, իսկ չորրորդին՝ արդէն իրե՛նք կը սկսին հաւատալ իրենց ըսածին: Ասոնց տուած հարուածը մահացու չըլլար, սակայն դարձեալ կը վիրաւորէ ու կը ցաւցնէ մեզ: Սակայն երբեմն ներումի կ՛արժանանան անոնք։
Երրորդ մակարդակի վրայ կը գտնուին պատահական ստախօսները: Ասոնք ըստ պահանջի սուտ կը խօսին: Ոչ թէ վնաս հասցնելու համար այլ՝ «իրենց կաշին փրկելու» ....
Այս երեք տեսակի ստախօսներուն միջին մասը գրաւող տեսակը ամէնէն ծիծաղելին է։ Ասոնց բերնէն ճիշդ խօսք մը կը լսուի այն ատեն միայն, երբ սուտ մը չգտնեն խօսելիք… Լսողները կը ծիծաղին , երբ տեսնեն, թէ ճիշդ խօսք մը դուրս եկաւ այսպիսի մարդոցմէ մէկուն բերնէն եւ շուտով կ՛ըսեն.
_ Կ՛երեւի սուտ մը չի՛ գտաւ խօսելիք եւ ստիպողաբար ճիշդ խօսք մը ըսաւ:
Ժողովրդային իմաստութեան մաս կը կազմէ ՜՜ Ճիշդ խօսողը միշտ տեղ չունի ընկերութեան կեանքին մէջ՝՝ արտայայտութիւնը որ ժամանակի ընթացքին ազգի մը հաւաքական իմաստութեան կը վերածուի: Մարդիկ ճիշդ խօսողէն ո՛չ միայն կը վախնան, այլ միաժանակ կը յարգեն զայն իբրեւ ճշմարտախօս: Միակ անպատեհութիւնը այն է, որ շատեր կ՛ուզեն, որ ճշմարտախօսը մէջտեղէն վերցուի, որպէսզի իրենք կարենան ազատ շարժիլ ու գործադրել սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած իրենց սանձարձակ գործունէութիւնը: Ինչքան սիրելի է ճշմարտախօսը՝ նոյնքան ատելի է ստախօսը, որուն անունը, հանգամանքը, ունեցած հարստութիւնը կամ ապրած չքաւորութիւնը հաւասարապէս խոցելի են, ու նոյնպէս ճշմարտութեան չե՛ն համապատասխաներ…








All the contents on this site are copyrighted ©.